image
Հրատապ լուրեր:

Շարլ Միշէլ կը խօսի «առաջընթաց»ի մասին

Շարլ Միշէլ  կը խօսի «առաջընթաց»ի մասին

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հետ եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտարարած է «շօշափելի առաջընթացի մասին»:

«Մենք ջերմօրէն կ'ողջունենք հայ-ատրբպէյճանական սահմանին այսօր կայացած սահմանային յանձնաժողովներու առաջին նիստը` միջպետական սահմանի սահմանազատման եւ կայուն իրավիճակ ապահովելու ուղիներու քննարկումը յառաջ մղելու նպատակով: Շօշափելի յառաջընթաց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ եռակողմ հանդիպումիցէն յետոյ», գրած է ան թուիթըրեան իր էջով: 

Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ծիրին մէջ, համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ, Մայիս 24-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի առաջին հանդիպումը:

Կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` աշխատելու սահմաններու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու շուրջ:

Կողմերը քննարկած են յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկրորդ հանդիպումը կայացնել Մոսկուայի, իսկ երրորդը` Պրիւքսէլի մէջ: