Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ արքայազն Մուհամմետ պըն Սալման կրնայ որոշում կայացնել միանալու Իրանի դէմ իրականացուող ԱՄՆ-ի ռազմական հարուածներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ The Wall Street Journal-ը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
Ըստ հրապարակման աղբիւրներուն՝ թագաւորութեան մասնակցութիւնը պատերազմին այլեւս կը համարուի միայն ժամանակի հարց։
Եթէ նախապէս Ռիատ կը մերժէր արտօնել իր տարածքի կամ օդային տարածքի օգտագործումը նման գործողութիւններու համար, ապա վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները արդէն թոյլատրած են ամերիկեան զինուժին օգտագործել երկրի արեւմուտքը գտնուող Թագաւոր Ֆահտի անուան օդակայանը։ Այս քայլը կը նշանակէ սէուտական կողմի դիրքորոշման կտրուկ փոփոխութիւն եւ տարածաշրջանի մէջ լարուածութեան նոր սրացում, քանի որ երկիրը փաստացի կը դառնայ հակաիրանական գործողութիւններու աշխուժ մասնակից։