image
Հրատապ լուրեր:

Սեւանայ լիճ. Օրեր առաջ անյետացած քաղաքացիները տակաւին չեն գտնուած

Սեւանայ լիճ. Օրեր առաջ անյետացած  քաղաքացիները տակաւին չեն գտնուած

Մայիս 9-ին Սեւանա լիճին մէջ որոնողական աշխատանքները վերսկսելու նպատակով դէպքի վայր մեկնած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը եւ յատուկ ջրափրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ:

Ժամը 07։31-ի դրութեամբ որոնողական աշխատանքները վերսկսած են։

Յիշեցնենք, որ Մայիս 6-ին, ժամը 18:16-ին Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած էր, որ Վարդենիկ-Զոլաքար գիւղերու ափամերձ հատուածէն երկու քաղաքացի նաւակով դուրս եկած են Սեւանայ լիճ եւ չեն վերադարձած։