Մայիս 9-ին Սեւանա լիճին մէջ որոնողական աշխատանքները վերսկսելու նպատակով դէպքի վայր մեկնած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը եւ յատուկ ջրափրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ:
Ժամը 07։31-ի դրութեամբ որոնողական աշխատանքները վերսկսած են։
Յիշեցնենք, որ Մայիս 6-ին, ժամը 18:16-ին Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած էր, որ Վարդենիկ-Զոլաքար գիւղերու ափամերձ հատուածէն երկու քաղաքացի նաւակով դուրս եկած են Սեւանայ լիճ եւ չեն վերադարձած։