image

Սեւ Ծովու վերեւ Ռուսական կործանիչին եւ ամերիկեան ԱԹՍ-ին միջեւ բախում

Սեւ Ծովու վերեւ Ռուսական  կործանիչին եւ ամերիկեան ԱԹՍ-ին միջեւ բախում

Ռուսական Սու-27 կործանիչը Սեւ ծովու վրայ բախած է ամերիկեան MQ-9 անօդաչու թռչող սարքին։

Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու եւրոպական հրամանատարութիւնը։

Անոնք մանրամասնած են, որ միջադէպէն ետք անօդաչու թռչող սարքը ինկած է միջազգային ջուրեր։

Սպիտակ տան տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տեղեկացուած է կատարուածի մասին։

 

Մոսկուայէն արձագանգ 

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Ամերիկեան MQ-9 անօդաչու թռչող սարքը Սեւ ծովուն մէջ ինկած է կտրուկ մանեւրելու պատճառով, եւ ռուսական կործանիչները ատոր հետ կապ չունին:

Գերատեսչութենէն մանրամասնած են, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 14 մարտի առաւօտեան, Ղրիմի շրջանին մէջ։

Անօդաչու թռչող սարքը թռած է Ռուսիոյ սահմանի ուղղութեամբ՝ խախտելով յատուկ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու նպատակով ստեղծուած օդային տարածքի օգտագործման ժամանակաւոր ռեժիմի տարածքի սահմանները։

Անօդաչու թռչող սարքի յայտնաբերումէն ետք օդ բարձրացած են հերթապահ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կործանիչները։

«Մոսկուայի ժամանակով ժամը 09.30-ի սահմաններուն կտրուկ մանեւրելու հետեւանքով MQ-9 անօդաչու թռչող սարքը բարձրութեան կորուստով վարած է անկառավարելի թռիչք եւ բախած ջուրի մակերեսին», -ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

 

Գերատեսչութենէն ընդգծած են, որ ռուսական կործանիչները օդագրոհային զէնք չեն կիրառած եւ անօդաչու թռչող սարքի հետ չեն շփուած: