Դատախազութիւնը ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրմէ՝ Ալեքսանդր Սարգսեանէ, անոր կնոջմէ ու երկու որդիներէն կը պահանջէ բռնագանձել 14 գոյք ու 3.5 միլիառ դրամ։ Այս մասին յայտնած է Հանրային հեռուստաընկերութիւնը։ Ալեքսանդր Սարգսեանին պատկանող ամբողջ գոյքին վրայ դատարանի որոշմամբ կալանք դրուած է ։
Նշուած է, որ 14 գոյքէն 4–ը Երեւանի կեդրոնն են, 10–ը` Կոտայքի մարզը։ Ապօրինի համարուած են նաեւ 4 փոխադրային միջոցներ, 1 միլիառ դրամի աւանդ ու պարտատոմսեր, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւններ իրաւաբանական անձերու։
Հանրային հեռուստաընկերութեան հաղորդմամբ, դատախազութիւնը Ալեքսանդր Սարգսեանի գոյքը սկսած է ուսումնասիրել 2021 թուականէն` Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) ստացուած հետախուզական տուեալներուն հիման վրայ։ Դատախազութիւնը ուսումնասիրութեամբ ետ գացած է մինչեւ 1995 թուական ու առաջին ապօրինի գոյքը դիտարկած է 1998–ին ձեռք բերուած անշարժ գոյքը Կոտայքի մարզի Պալահովիտ համայնքին մէջ։
«Բոլոր անձինք օրէնքով սահմանուած կարգով ծանուցուել են ուսումնասիրութեան առկայութեան մասին, հրաւիրուել են դատախազութիւն նիւթերին ծանօթանալու, դիրքորոշում յայտնելու նպատակով։ Դեռեւս որեւէ մէկը չի ներկայացել դատախազութիւն»,– ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան աւագ դատախազ Գէորգ Քոչարեան։
Հանրային հեռուստաընկերութեան հաղորդմամբ, Սարգսեաններու փաստաբանը կապ հաստատած է դատախազութեան հետ ու յայտնած, որ առաջիկայ օրերուն անոնք պիտի ներկայանան։
Յիշեցնենք, որ 2019-ին Ալեքսանդր Սարգսեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած էր. ան մեղադրուած էր առանձնապէս խոշոր չափերու խարդախութեան մէջ։