image
Հրատապ լուրեր:

Սերժ Սարգսեան այցելած է Հանրապետութեան հրապարակին մէջ գիշերող բողոքաւորներուն

Սերժ Սարգսեան այցելած է Հանրապետութեան հրապարակին մէջ գիշերող բողոքաւորներուն

 

ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հիւրընկալուած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղադրուած վրանին մէջ, ուր կը գտնուին Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: 

 

Յիշեցնենք, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» նախաձեռնողները դեռ նախորդ տարուընէ վրան տեղադրած են Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ եւ ամէն օր հերթապահութիւն կ'իրականացնեն:

ՀՀԿ երիտասարդական թեւի ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը իր դիմատետրեան էջին լուսանկարներ հրապարակած է այս այցէն եւ գրած. «ՀՀ 3-րդ Նախագահ, ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելել է Հանրապետութեան հրապարակում գտնուող Հայրենիքի փրկութեան շարժման վրան»: