Մեծ աշխուժութեամբ Ճեզիրէի Թեմի իր առաջնորդի փոխանորդական պաշտօնը իրականացնող Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեան օրերս ուշագրաւ այցելութիւն մը տուած է շրջանի գլխաւոր Շամմար ցեղի գլխաւոր պատասխանատուին՝ ցեղապետին։
«Արեւելք» այս մասին կը ներկայացնէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
11 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Շամմարի ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատիին:
Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին` շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, համայնքներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները եւ խաղաղ համակեցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Լեւոն վրդ. Եղիայեան ընդգծեց հայ համայնքի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութիւնը ի նպաստ կայունութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համերաշխութեան:
Ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատին, իր կարգին, ողջունեց այցելութիւնը եւ շնորհաւորեց հայ համայնքի դերակատարութիւնը շրջանի հասարակական ու մարդասիրական կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ Շամարի ցեղին դռները միշտ բաց են բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն առջեւ, որոնք կը ծառայեն ժողովուրդներու մերձեցման եւ խաղաղութեան ամրապնդման:
Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ` բարեկամական մթնոլորտի մէջ, փոխադարձ օրհնանքներով ու ապագայ համագործակցութեան յոյսերով: