image

Նիկոսիա. ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներ այցելած են «Գալայճեան Հանգստեան Տուն»

Նիկոսիա. ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներ այցելած են «Գալայճեան Հանգստեան Տուն»

Համայնքի տարեցներն ու մեծահասակները յատկապէս տօնական օրերու ժամանակ յիշելը, ոչ միայն պարտականութիւն , այլ առաքինութիւն է։ Ահա այս օրինաչափութեամբ շարժած են Կիպրոսի ՍԴՀԿ մարմինն ու Տիար Ռուբէն Գալայճեանը այցելութիւն տալով Նիկոսիոյ մէջ գործող հայկական միակ պատսպարան՝ «Գալայճեան Հանգստեան Տուն»։


Ստորեւ այդ մասին լրատւութիւնը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան։

Օրերս ՍԴՀԿ Կիպրոսի Վարիչ Մարմինը այցելեց Գալայճեան Հանգստեան Տունը՝ տարեցներու փոխանցելու Նոր Տարուան ջերմ մաղթանքներ։

Այցելութեան ընթացքին Վարիչ Մարմինը, Տիար Ռուբէն Գալայճեանի հետ միասին ինչպէս նաեւ «Գալայճեան Հանգստեան Տան» Վարչութեան, Տնօրէնութեան անդամներու ներկայութեամբ, հանդիպեցաւ «Գալայճեան Հանգստեան Տան» մշտական բնակիչ հանդիսացող տարեցներուն եւ անոնց յանձնեց տօնական փոքրիկ նուէրներ։

 Այս առթիւ Ընկ. Ռազմիկ Տիգրանեան եւ Տիար Ռուբէն Գալայճեան Նոր Տարուան բարեմաղթանքները փոխանցեցին, իսկ Տիար Գալայճեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ՍԴՀԿ Կիպրոսի Վարիչ Մարմնին՝ տօնական այս օրերուն համայնքի տարեցները յիշելու եւ զանոնք ուրախացնելու ընձեռուած առիթին համար։