Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Յունիս 10-ին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի ՀԱՊԿ նախարարներու խորհուրդի նիստին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
Անոր խօսքով, հանդիպման մասնակիցները պէտք է ամփոփեն ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ բազմակողմ համագործակցութեան արդիւնքները եւ քննարկեն հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները: Միջոցառման ընթացքին կը նախատեսուի միտքերու խորացուած փոխանակում միջազգային եւ տարածաշրջանային իրավիճակի եւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու վրայ անոր ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ ճգնաժամային արձագանգման մեխանիզմի կատարելագործման վերաբերեալ: Կ'ակնկալուի, որ նիստի արդիւնքներով պիտի ստորագրուի 2022-2024 թուականներու արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու ծրագիրը:
Հանդիպման շրջանակին մէջ Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարը մի շարք երկկողմ հանդիպումներ կ'ունենայ: