image

Սենատոր Մենենտես սքանտալի զոհ. Ան հրաժարական տուած է

Սենատոր Մենենտես սքանտալի զոհ. Ան հրաժարական տուած է

Ամերիկացի ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտես փտածութեան գայթակղութեան հետեւանքով հրաժարական ներկայացուցած է։ Այս մասին հայտնում է Reuters-ը:

«Ես պիտի հրաժարիմ Միացեալ Նահանգներու սենատորի իմ պաշտօնէն»,- նշած է Մենենտես նամակին մէջ՝ շեշտելով, որ հրաժարականն ուժի մէջ պիտի մտնէ 2024 թուականի օգոստոս 20-ին:

«Չնայած ես լիովին մտադիր եմ բողոքարկել երդուեալ ատենակալներու դատավճիռը, մինչեւ վերջ, ներառեալ Գերագոյն դատարանը, չեմ ուզեր, որ Ծերակոյտը ներգրաւուի երկարատեւ գործընթացի մէջ», -ըսուած է նամակին մէջ:

Աւելի վաղ Մենենտես հերքած էր այն տեղեկութիւնը, թէ մտադիր է հրաժարական տալ ու աւարտել 30-ամեայ ասպարէզը ԱՄՆ Քոնկրէսի մէջ։