image

Սէլֆի ... եւ անցեալը ետիս... Հրապարակուած է Ֆէյրուզի նոր լուսանկարը

Սէլֆի ... եւ անցեալը ետիս... Հրապարակուած է Ֆէյրուզի նոր լուսանկարը

 Ֆէյրուզի դուստրը ՝ Ռիմա Ռահպանի հաճելի անակնկալ մը մատուցած է իր մօր երկրպագուներուն։

 Ան տեղադրած է մեծ Ֆէյրուզին հետ իր ըրած «սէլֆի» լուսանկարը։

  Ռիմա  Ռահպանի  նկարին   կից մասնաւորապէս գրած է ՝ «Սէլֆի... եւ անցեալը  ետիս...»

 

 Արաբական ընկերային ցանցերու հազարաւոր օգտատէրեր տարածած են լուսանկարը եւ կրկնած են իրենց երախատգիտութիւնն ու սէր ՝ հանդէպ Ֆէյրուզին։

 

 

 Նշենք, որ Ռիմա Ռահպանին Ֆէյրուզի եւ Ասի Ռահպանիի երկրորդ զաւակն է։

 Ան մասնագիտութեամբ ՝ բեմադրիչ է եւ տարբեր առիթներով ալ հանդէս կու գայ ռահպանի ընտանիքին մասին գրառումներով։

 Ֆէյրուզի առաջին զաւակը՝ Զիատ Ռահպանին կը համարուի Լիբանանի արդի երաժշտութեան ամենահանճարեղ դէմքերէն մին, ան նաեւ յայտնի է տասնեակ բեմադրութիւններով, որոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն Լիբանանի բազմաբովանդակ հիմնախնդիրները սկսած քաղաքականէն, անցնելով ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ պատկանելիութեան խնդիրները։