Թուրքիա- Ըստ Սայիթ Չէթինօղլույի Թուրքիան յայտնուած է ծանր դրութեան մէջ: Չէթինօթլու, որ Թուրքիոյ վերջին զարգացումներուն մասին յօդուած մը ստորագրած է «Արեւելք»ին համար նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերածուած է քարտուղարական համակարգի մը, որուն բոլոր մանրամասնութիւնները կը վերահսկուին իր ըսելով «Ագ Սարայ» պալատին մէջ բնակող անձին կողմէ (նկատի ունի Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը- Խմբ. ՝«Արեւելք»: Յօդուածագիրը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն կողմէ Սուրիոյ դէմ կատարուած վյերջին գրոհները նմանցուցած է պատմական ՝ Մարժ Տապէք անունը կրող ճակատմարտին եւ ըստ անոր Էրտողան արաբական աշխարհ ներխուժելով ամէն գնով կը փորձէ կրկնել Եավուզ Սուլթան Սէլիմի արարքները: Յօդուածագիրը նաեւ նկատել տուած է, որ Թուրքիա այս գրոհները կը շոյեն երկրի իսլամ հատուածներուն սիրտը: Ըստ Չէթինօղլուի Թուրքիան կ'ապրի ծանր եւ անկիւնադարձային ժամանակներ: Ան այս ընդհանուր իրավիճակը բացատրելով կը գրէ՝ «Ժողովուրդի ցանկութեան հակառակ պատերազմային այս իրավիճակը, հրաժարուող իշխանութեան կեանքը կ'երկարաձգէ: Ապօրինի պալատը բնակող անձի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ նոր բանաձեւերու կիրառումը: Գաղտնի կերպով ընդունուող ռազմական միջամտութեան որոշումը առիթ կը հանդիսանայ պատերազմի ընթացքին հարստանալու ցանկութիւն ունեցող Էրտողանի կողմնակիցներուն: Թուրքիան կը գտնուի վտանգաւոր ընտրութեան առաջ: Կամ ընտրուած քաղաքացիական բռնատիրութիւն կամ ալ ժողովրդավարութիւն: Թուրքիան պէտք է ընտրութիւն կատարէ սեւի եւ սպիտակի միջեւ: Ժողովրդական ընդդիմութիւնը ունի Էրտողանի այս վտանգաւոր խաղը աւերելու ուժ, հասունութիւն եւ վճռականութիւն». Գրած է Չէթինօղլու: Նշենք, որ Սայիթ Չէթինօղլու Անգարա ապրող մարդու իրաւունքներու պաշտպան է եւ ուսումնասիրող: Ան «Արեւելք»ի փափաքով «Ի՞նչ կը կատարուի Թուրքիոյ մէջ» խորագիրը կրող յօդուածով մեկնաբանեց Թուրքիոյ այսօրուան դրութիւնը: Յօդուածը ամբողջութեամբ կարդալու համար սեղմել ՝ այստեղ: