Օրերս համացանցով տարածուած է տեսանիւթ մը, ուր կը ներկայացուի, թէ Իրաքի հանգուցեալ նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնի դին, անոր մահէն 12 տարի ետք, տակաւին պահպանուած է:
«Արեւելք» լուսաբանելով այս լուրը, կը ներկայացնէ լիբանանեան «Ալ Նահար» կայքի յօդուածը, որ կը փաստէ, թէ տարածուած նիւթը իրականութեան չի համապատասխաներ։
Աղբիւրը անդրադարձած է տարածուած 4:48 վայրկեաննոց տեսանիւթին, որ ցոյց կու տայ նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնի դէմքը, պատանքը բանալէն ետք, բացատրելով, որ մահէն 12 տարի անցած է, բայց նախագահին դին մնացած է ինչպէս որ է:
Ըստ աղբիւրին, տեսանիւթը տարածող օգտատէրը կը կոչուի Մումէն Մուսթաֆա:
Ան 2018-ին ալ նոյն այս թեմայով տեսանիւթ տարածած է:
Աղբիւրը մատնանշած է, թէ Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժէն քանի մը ժամ ետք, իրաքեան «Պիլատի» հեռատեսիլային կայանը տեսաերիզով ցոյց տուած էր նախագահին փաթաթուած պատանքով մարմինը: Այդ տեսանիւթը հրապարակուած էր նաեւ 2007-ին, ապա 2011-ին, ապա 2014-ին: Եւ համեմատելով այդ տարիներու հրապարակուած տեսանիւթերը օրերս նոր հրապարակուածին հետ, պարզօրէն կ'երեւի, թէ նկարները նոյնն են:
Յիշեցնենք, որ Սատտամ Հիւսէյնի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 15 տարի առաջ, 2006-ի 31 Դեկտեմբերի արշալոյսին, Թըքրիթ քաղաքին մէջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սատտամ Հիւսէյնի գերեզմանին, ըստ B.B.C.-ին, իրաքեան ուժերու եւ Իրանէն շիիթ զինեալներու միջեւ եղած բախումներու ընթացքին, Սատտամ Հիւսէյնի աճիւնները տեղափոխուած են անյայտ վայր մը (Թըքրիթի մօտակայքը 2015-ին): Եւ վերջերս, Սատտամի դուստրը՝ Ռաղըտ յայտարարած է, առանց մանրամասնութիւններ բացայայտելու, որ իր հօր աճիւնները կը գտնուին ապահով տեղ մը։