Սարգիս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետ(Լուսանկար)

Սարգիս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետ(Լուսանկար)

«Արեւելք» տարբեր առիթներով գրած է Աւստրալիոյ հայկական համայնքի գործունէութեանց աշխոյժ կերպով մասնակցող  մեր հայրենակից Սարգիս Ետելեանի յաջողութեանց մասին։

Օրերս Ետելեան ընտրուած է Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքապետ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Աւստրալիոյ պետական մարմիններուն կողմէ այդ մասին ներկայացուցած պաշտօնական լրատւութիւնը (Թարգմանուած՝ անգլերէնէ)։

Այս առթիւ մեր սրտագին մաղթանքները կը յղենք մեր հայրենակից՝ Սարգիս Ետելեանին, մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ։ 

13 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհուրդի արտահերթ նիստէն ետք, Ռայտ քաղաքի նոր քաղաքապետ ընտրուած է Սարգիս Ետելեանը: Ան առաջին անգամ Ռայտ քաղաքի խորհուրդի անդամ ընտրուած է 2004 թուականին եւ ներկայիս կը համարուի ամէնէն Խորհրդի ամենաերկար ծառայութիւն ունեցցող անդամ: Ետէլեան երեք անգամ գործած է որպէս փոխքաղաքապետ, իսկ 2009 թուականին համայնքին մատուցած ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է Աւստրալիոյ շքանշանով։

 Ընտրուելէն ետք մեր հայրենակիցը շնորհակալութիւն յայտնած է իր գործընկեր խորհրդականներուն եւ աշխատակազմին, իրեն ցոյց տրուած աջակցութեան համար: Ան ըսած է. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ հեռացող քաղաքապետ Ճորտըն Լէյնին, այս տարուան ընթացքին իր ակնառու ղեկավարութեան համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ գործընկեր խորհրդականներուն եւ Խորհուրդի աշխատակազմին, իրենց աջակցութեան համար։ Պիտի շարունակենք համագործակցիլ ապագային, Ռայտը աւելի լաւ վայր մը դարձնելու համար: Մենք արդէն մինչեւ օրս շատ բան իրականացուցած ենք, ներառեալ խորհրդանշական TG Millner Fields-ի պահպանումը, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ բարեփոխումներու մեր օրակարգի առաջընթացին»:

Ետելեան իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է՝ մաքուր, կանաչ, անվտանգ, ներառական եւ արդիւնաւէտ քաղաք մը ստեղծելու վրայ:

 

Հեռացող քաղաքապետ Ճորտըն Լէյն կը շարունակէ իր պաշտօնը, որպէս Արեւելեան շրջանի խորհրդական: