Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Քալամեան միացած է Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մրցաշարքին՝ «Էն.Պի.Էյ.»ի «Շիքակօ Պուլզ» ակումբի մարզիչներու կազմին` իբրեւ օգնական մարզիչ:
«Էն.Պի.Էյ.»ի մէջ 34 տարիներու փորձառութիւն ունեցող մասնագէտը նոր տարեշրջանին պիտի աշխատի «Էն. Պի. Էյ.»ի ամէնէն յայտնի ակումբներէն մէկուն հետ` շարունակելով նաեւ գլխաւորել Հայաստանի ազգային հաւաքականը:
Քալամեան իր ասպարէզին ընթացքին աշխատած է Լոս Անճելըս «Քլիփըրզ»ի, Տենվըր «Նակեց»ի, Մինիսոթա «Թիմպըրուլվզ»ի, Սաքրամենթօ «Քինկզ»ի, Օքլահոմա Սիթի «Թանտըր»ի, Թորոնթօ «Ռեփթըրզ»ի, Տիթրոյիթ «Փիսթընզ»ի եւ Միլուաքի «Պաքս»ի հետ: Ան 2022էն ի վեր նաեւ մարզիչն է Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին: