Պոլսահայ «Յոյս» միութիւնը Գնալը Կղզիի մէջ կազմակերպած է բարեսիրական-երաժշտական երեկոյ մը՝ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելով աութիզմէ, մտային կամ ֆիզիքական խանգարումներ ունեցող երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ցուցաբերած իր աջակցութեան վրայ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսահայ համայնքի մէջ բարեսիրական կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած է «Յոյս» միութիւնը, որ երկու-երեք տարիէ ի վեր իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ աութիզմէ, մտային կամ ֆիզիքական խանգարումներ ունեցող երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, Գնալը Կղզիի մէջ կազմակերպեց յատուկ երաժշտական երեկոյ մը։ Ձեռնարկը ո՛չ միայն մշակութային հանդիպում մըն էր, այլեւ առիթ՝ հանրութեան ուշադրութիւնը դարձեալ ուղղելու միութեան մարդասիրական ծառայութեան։ Երեկոն բացուեցաւ ողջոյնի խօսքերով, որոնց մէջ անդրադարձ կար «Յոյս»ի առաքելութեան։
Գեղարուեստական բաժնի ընթացքին երգչուհի Լարա Նարին եւ կիթառահար Շանթ Շէշէթեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուցին հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն երգերու գեղեցիկ փունջ մը՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։ Յատկանշական է, որ երկու երիտասարդ երաժիշտներն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին իբրեւ ընկերային ծառայութիւն։
Ձեռնարկին ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետը, Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները՝ ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորութեամբ, «Յոյս» հիմնարկի վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։
Հուսկ բանքը արտասանելով, Յարութիւն Վարդապետը ըսաւ. «Յոյսը բարի եկաւ Գնալը Կղզի եւ մեզի բերաւ յոյսը կենդանի պահելու եւս մէկ առիթ։ Կը շնորհաւորեմ երկու երիտասարդները, որոնք իրենց արուեստը ծառայեցուցին համայնքին՝ ընկերային ծառայութեան գեղեցիկ օրինակ մը տալով»։
Երեկոյի աւարտին շնորհակալական խօսքեր արտասանուեցան բոլոր աջակիցներուն եւ մասնակիցներուն, ապա ներկաները հիւրընկալուեցան ընդունելութեամբ մը, ուր բարեկամական մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան հանդիպումներն ու զրոյցները։