Սամուէլ Կարապետեանը կրկին պիտի տեղափոխեն «Երեւան-կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ: Այս մասին յայտնած են Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանէն:
Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանը բեկանած է Սարգիս Պետրոսեանի որոշումը, որով Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ տնային կալանք կիրառուած էր։
Յիշեցնենք, որ դեկտեմբեր 30-ին գործարար Սամուէլ Կարապետեանի խափանման միջոց կալանքը դատարանի որոշմամբ փոխուած էր: Կիրառուած էր տնային կալանք եւ գրաւ: