Ատրպէյճանը մեծ խոչընդոտներ չի տեսներ հարեւան Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար եւ կը կարծէ՝ սահմաններու որոշման հարցը կրնայ լուծուիլ առանձին։
Այս մասին, ինչպէս գրած է Reuters-ը, Լոնտոնի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը՝ շեշտելով, որ «սահմաններու սահմանազատման հարցը պէտք է տարանջատուի խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումէն»
«35 տարի տեւած հակամարտութիւնն այժմ աւարտած է։ Հիմա Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը խաղաղութեան հասնիլն է, որ կը պահանջէ երկու կողմերու գործողութիւնը», - նշած է Հաճիեւը։
Ատրպէյճանի նախագահի օգնականի խօսքով՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը հրթիռաշինութիւն չէ։
«Ատրպէյճանի համար այլեւս խոչընդոտներ չկան խաղաղութեան օրակարգի ճանապարհին», -աւելցուցած է ան։