image
Հրատապ լուրեր:

Սահակաշվիլին միշտ վերահսողութեան տակ

Սահակաշվիլին միշտ վերահսողութեան տակ

Վրաստանի Յատուկ քրէակատարողական ծառայութեան բժշկական վարչութեան պետի տեղակալ Կիորկի Չիտրաշվիլին նշած է, որ Միխայիլ Սահակաշվիլին կը ստանայ անհրաժեշտ սննդային յաւելումներ։

Չիտրաշվիլիի խօսքով, Միխայիլ Սահակաշվիլին կը գտնուի բժշկական անձնակազմի մշտական հսկողութեան տակ։

«Անոր առողջական վիճակը կայուն է, կենսական հիմնական նշանները՝ բնականի սահմաններուն մէջ։ Հիւանդը կը ստանայ անհրաժեշտ սննդային յաւելումներ։ Անոր առողջական վիճակը մշտապէս կը վերահսկէ բժիշկներու խորհուրդը, եւ անոնց յանձնարարականով բոլոր հարցերը կը լուծուին։ Այս փուլին հիւանդանոց փոխադրելու կարիք չկայ», ըսած է Կիորկի Չիտրաշվիլին։

Ինչ կը վերաբերի վիրահատական միջամտութեան, Չիտրաշվիլին կը նշէ, որ Սահակաշվիլիի շահերէն ելլելով չի կրնար խօսիլ այս հարցին մասին։