image

Փորձած են թունաւորել Սահակաշվիլին

Փորձած են  թունաւորել Սահակաշվիլին

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի փաստաբանը յայտարարած է, որ ստացած է փորձաքննութեան արդիւնքները՝ հաստատելով, որ ձերբակալուելէ ետք Սահակաշվիլին «թունաւորուած է»։

Փաստաբանի խօսքով՝ այդպիսով կը բացատրուին Սահակաշվիլիի առողջական խնդիրները, հաղորդած է «Նովոստի-Կրուզիա»-ն։

«Բոլոր հիւանդութիւնները, որոնք ունի Սահակաշվիլին, բոլոր ախտանշանները կրնան ըլլալ այս թունաւորման պատճառով: Ան ինքն ալ երկար ժամանակ կը կասկածէր, որ թունաւորուած է, այլապէս անոր հիւանդութիւնները այսպէս չէին զարգանար»,-ըսած է փաստաբան Վալերի Կելպախիանին։

Անոր խօսքով՝ փորձաքննութեան արդիւնքները պիտի հրապարակուին երկու օրէն, իսկ այս փուլին ան կրնայ միայն ըսել, որ եզրակացութիւնը կը պարունակէ Սահակաշվիլիի օրկանիզմին մէջ յայտնաբերուած թունաւոր նիւթերու ցանկը։ Սահակաշվիլիի մայրը՝ Ճուլի Ալասանիան, ըսած է, որ խօսքը ծանր մետաղներու՝ սնդիկի, պարիումի, թալիումի մասին է։

Փաստաբանը աւելցուցած է, որ լրացուցիչ ուսումնասիրութիւններ անհրաժեշտ են՝ պարզելու համար, թէ թունաւորումը երբ տեղի ունեցած է՝  Սահակաշվիլիի բանտ գտնուելու ժամանակ, թէ Վիվամետ բուժկեդրոն տեղափոխուելէ ետք, ուր Սահակաշվիլին կը գտնուէր վերջին քանի մը ամիսներուն։

Վրաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչները դեռ չեն մեկնաբանած այս յայտարարութիւնը։ Աւելի վաղ Վրաստանի իշխանութիւնները բազմիցս ըսած էին Սահակաշվիլիի առողջական տագնապալի վիճակի մասին յայտարարութիւններուն ի պատասխան, որ այդ առանձնապէս անհանգստութիւն չառաջացներ, եւ որ ան անհրաժեշտ բուժօգնութիւն կը ստանայ։

Նախկին նախագահի կողմնակիցներուն կոչ կ'ընեն այս շաբաթ բողոքի ցոյց ընելու՝ պահանջելով Սահակաշվիլիի տեղափոխումը արտասահման՝ բուժման։

Միխյիլ Սահակաշվիլին ձերբակալուած է Վրաստանի մէջ 2021 թուականի 1 հոկտեմբերին, երբ ութ տարի ետք առաջին անգամ  վերադարձած է հայրենիք՝ քաղաքապետական ընտրութիւններու նախօրէին։

Վրաստանի մէջ նախկին նախագահը հեռակայ դատապարտուած է վեց տարուան ազատազրկման։