Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիվիլին յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր փոխելու իր դիրքորոշումը Վրաստանի երրորդ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին ներում շնորհելու հարցով, քանի որ «Սահակաշվիլիին ներում շնորհելը պիտի խորացնէ բեւեռացումը երկրին մէջ»:
«Դուք գիտէք վրաց հասարակութիւնը, գիտէք, որ այդ պիտի ըլլայ ծայրայեղ առճակատման պատճառներէն մէկը: Մինչ այդ ես երեք անգամ ներում շնորհած էի մարդկոց` հասարակութեան բեւեռացումը մարելու համար, բայց այն ժամանակ ալ արդիւնքը չստացուեցաւ: Հիմա մարդոց դիրքորոշումները աւելի ընդգծուած են: Ելլելով այն դժուար տարիներէն, որ կը մասին յիշէ հասարակութիւնը` ես չեմ կրնար մասնակից ըլլալ անոր, ինչ որ կրնայ աւելի խորացնել բեւեռացումը», նշած է Վրաստանի նախագահը: