image

Սահակաշվիլիին ներում պիտի չշնորհենք. Զուրապիշվիլի

Սահակաշվիլիին ներում պիտի չշնորհենք. Զուրապիշվիլի

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիվիլին յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր փոխելու իր դիրքորոշումը Վրաստանի երրորդ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին ներում շնորհելու հարցով, քանի որ «Սահակաշվիլիին ներում շնորհելը պիտի խորացնէ բեւեռացումը երկրին մէջ»: 

«Դուք գիտէք վրաց հասարակութիւնը, գիտէք, որ այդ պիտի ըլլայ ծայրայեղ առճակատման պատճառներէն մէկը: Մինչ այդ ես երեք անգամ ներում շնորհած էի մարդկոց`  հասարակութեան բեւեռացումը մարելու համար, բայց այն ժամանակ ալ արդիւնքը չստացուեցաւ: Հիմա մարդոց դիրքորոշումները աւելի ընդգծուած են: Ելլելով այն դժուար տարիներէն, որ կը մասին յիշէ հասարակութիւնը` ես չեմ կրնար  մասնակից ըլլալ անոր, ինչ որ կրնայ աւելի խորացնել բեւեռացումը», նշած է Վրաստանի նախագահը: