Մոնթրէալէն եկած Նուշիկն է պատմողը, որ իրեն ծանոթ այլ ընտանիքի մը երեք զարմիկները, իւրաքանչիւրը տարբեր ցամաքամասէն Երեւան հասած են մասնակցելու ՀՄԸՄ-ի միջոցառումներուն։ Սիտնիյէն, Հալէպէն եւ Մոնթրէալէն իրար միացած զարմիկները բոլորն ալ ծնած են Հայաստանէն դուրս։ Զիրար երբեք չեն տեսած ու ահա Երեւանի մէջ առաջին անգամն ըլլալով պիտի շփուին, կիսուին ու ապրին իրար հետ։
Խօսելու լեզուն հայերէնն է, որովհետեւ Հալէպ ապրող Անիին անգլերէնը այդքան չէ, ինչքան՝ արաբերէնը, իսկ Մոնթրէալէն եկած Ռիթան եւ Սիտնիյէն հասած Գարինը հազիւ թէ արաբերէն մէկ երկու բառ իմանան։
Պէյրութ ապրած տարիներուս յաճախ կը լսէի, որ ՀՄԸՄ-ը միայն մարզական–սկաուտական միութիւն չէ, այլ ընտանիք է։
Պարզ անոր համար, որ անոր մէջ հասակ առած տղաներն ու աղջիկները նոյնը կ՚աւանդեն իրենց զաւակներուն։
Այսինքն առոյգ կիրակիներ ունենալ, առաւօտ կանուխ արթննալ- ակումբ երթալ, հաւաքի մասնակցիլ, ժողով ընել, ամառները բանակում ընել, եկեղեցի երթալ, աղօթել սորվիլ ու այս բոլորին մէջ գտնել ու ապրիլ Հայաստանի երազով։
Մեր պատանեկութեան տարիներուն Հայաստանը հեռու երազ մըն էր։
Այդ երազին մէջ էր, մեր աչքերուն առջեւ կոկիկ տարազներ մաքուր գուլպաներ եւ կապոյտ շորթեր հագած հարիւրաւոր տղաք ու աղջիկներ կը լեցուէին Սոֆիա Յակոբեանի բակը, ուր տեղի կ՚ունենար կիրակնօրեայ հաւաքը։ Քայլերգ կը հնչէր, դրօշակ կը ծածանէր, երգեր կը լսուէին, կանչեր կը բարձրանային ու մենք, ընկեր Ոսկանին տուած թէյի սեղանին շուրջ նստած, մեր աչքերը դէպի բակը յարելով կը հետեւէինք սկաուտական շքերթին։
Իրենց հայրերուն հետ դաշտ եկած փոքրիկ «կակուղ թաթիկ»ները կը մեծնային, կը դառնային երիտասարդներ, ու յետոյ ալ կը կազմէին ընտանիք այս անգամ իրենց «կակուղ թաթիկներ»ու ձեռքերէն բռնելով կը միանային այդ մեծ ընտանիքին։
Այս բոլորը այսօր ալ կը շարունակուին։ Պէյրութի, Այնճարի, պատերազմէն ելած Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գահիրէի կամ նոյնիսկ ամենահեռու եղող Լոս Անճելոսի կամ Թորոնթոյի մէջ։
Սերունդները իրենց գոյներով կը նկարեն իրենց աշխարհը, բարակ թելերով կը պատրաստեն իրենց կեանքի մեծ պատկերը եւ անոր մէջ տեղ մը Հայաստանը կը կերտեն։
Գեղեցիկն այն է, որ ՀՄԸՄ-ը անդաւաճան մնաց իր ընկալումներուն եւ երազը իրականութիւն դարձուց գալով Երեւան ու Երեւանի փողոցներուն մէջ տողանցեց։
Անկախ ամէն տիպի մօտեցումէ՝ ՀՄԸՄ-ի ըրածը հպարտութեան առիթներ կերտեց, ոչ միայն այդ համահայկական կառոյցը ղեկավարող մարդոց, այլ բոլորին համար։
Հայաստանի մէջ անոնք , որ չէին լսած, ծանօթ չէին այդ հզօր բանակին, այսօր արդէն իմացան ու գիտեն, որ սփիւռքի ամենահեռաւոր համայնքներուն մէջ կան մարդիկ, որոնց համար հայկականութիւնը միայն ինքնութեան մը մէջ ծփալու, այդ ինքնութեան «ներքեւ»ի աստիճաններուն վրայ ապրելու կենսակերպ չէ։
ՀՄԸՄ-ը միայն հայու ինչ ըլլալը, անոր պատմութիւնը, հարիւրամեայ անցեալը եւ անոր ողնայարը կազմած հազարաւոր մարզիկ- սկուտներուն թափած արիւն- քրտինքը չէ՛, այլ աւելին։
Գործ ընելու, սերունդ պահելու եւ ապագան կերտելու հաւատք ունին այս մարդիկը։
Անոնց համար կայ մէկ ուղենիշ, որ անփոխելի է եւ կայ մէկ երազ, որ չի վերջանար։ Ամբողջ տարի մը իրենց հեռուին մէջ Հայաստանի երազը կը փայփայեն, Հայաստանի մէջ բանակումի երթալու կը պատրաստուին, Հայաստանի ջուրէն ու արեւէն «խմելու» փափաքով կը մեծնան...
Ի պատիւ իրենց՝ ՀՄԸՄ-ականները, որոնք երէկ կը հաւատային Հայաստանի մեծ երազին, մնացին անդրդուելի այդ երազը ամրագրելու գործին մէջ։
Չպառակտուեցան, իրար չատեցին, սուտ խօսքեր չյօրինեցին, իրար տակ չփորեցին, քոյր, եղբայր ըսին ու ապրեցան այդ եղբայրութիւնը, կառուցեցին ու չմոռցան, որ իրենք առաջին իսկ օրէն եղած են այդ երազին համար։
Սփիւռքի մէջ մարմնակրթութեան նախարարութեան դերը վերցուցած այս հայերը ահա այսօր Հայաստան բերած են իրենց սէրն ու գորովը եւ անպայման գործն ու տաղանդը։
Պատիւը իրենցն է։
Ապրի՛ն իրենք։