image

ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» մասնաճիւղի 100-ամեակի փառատօն

ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» մասնաճիւղի 100-ամեակի փառատօն

Օրերս, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան100-ամեակի փառատօնը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

Կամքի, հաւատքի ու զոհողութեան երեք սիւներու վրայ հաստատուած ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» մասնաճիւղը բոլորած է իր 100-ամեակը՝ կերտելով առողջ մարմնով եւ արթուն մտքով օժտուած սերունդներ: 

Արդարեւ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, հովանաւրութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի  «Հալէպ» մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի, 11 Մայիսին ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Հալէպ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան100-ամեակի փառատօնը ներկայութեամբ սրբազան հօր, հոգեւոր հայրերու, Պատկան Մարմինին, Ազգ. Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդր.Վարչութեան ներկայացուցիչին, Սուրիոյ Շրջ.  Վարչութեան եւ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներու:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, ապա հանդիսավար Գարօլին Քիւրքլեան-Արոյեան ներկաները հրաւիրեց 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակը։

Վարչութեան խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ բժիշկ Արամ Աւետիսեան։ Ան դիտել տուաւ, որ 100 տարիներու ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական շարքերուն միացած են հազարաւոր հալէպահայեր: ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» Մասնաճիւղը 100 տարեկան է, բայց երիտասարդ, որովհետեւ ինքզինք կը նորոգէ: Ապա ան երախտագիտական խօսք ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ազգ. Վարչութեան, ՍՕԽ-ին, Համազգայինին,  ՀՄԸՄ-ի Կեդր. եւ Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեանց եւ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ այս հանդիսութիւնը կազմակերպող կեդրոնական յանձնախումբին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ-ին, որուն հովանաւորութեամբ գործող ՀՄԸՄ-ը ամենադժուար պայմաններուն մէջ անգամ գոյատեւեց եւ շարունակեց իր ազգային առաքելութիւնը: 

Հանդիսութիւնը սկսաւ մասնաճիւղի քայլ-արծուիկ, արի-արենոյշ եւ երէց-պարման միաւորներէն խումբ մը քոյրերու եւ եղբայրներու կատարած բացման պատկերով, մասնաճիւղի փողերախումբին նուագակցութեամբ։

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ ջահը փոխանցուեցաւ 91-ամեայ ՀՄԸՄ-ական եղբ. Կարպիս Պետիրեանին, որ իր կարգին ջահը փոխանցեց երիտասարդ սերունդին, որպէսզի միութեան առաքելութիւնը շարունակեն պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ։ Որմէ  ետք եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեան  փոխանցուած ջահով 100-ամեակի կրակը բոցավառեց, ապա երկու կրտսեր ՀՄԸՄ-ականներ 100-ամեակի նշանակին բացումը կատարեցին:

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը հանդէս եկաւ  «Կիւմրու պար»-ով։  Ապա ՀՄԸՄ-ի «Հալէպ» Մասնաճիւղի փողերախումբը ելոյթ ունեցաւ։

Փառատօնի մթնոլորտը հարստացուց Յովիկ Պարսումեան, մեներգելով  «Օն Յառաջ, ՀՄԸ՛Մ»-ը։

Սկաուտական շարքերու յատուկ կարգապահական ձեւեր  ներկայացուցին «Հալէպ» Մասնաճիւղի աստիճանաւորական եւ խմբապետական կազմերը, որմէ ետք Յովիկ Պարսումեան մեներգելով «ՀՄԸՄ Պանծալի» երգը խանդավառեց հանդիսականները։

Այնուհետեւ տողանցեցին «Հալէպ» Մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզական խումբերը։

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. խմբապետ Ռաֆֆի Կարապետեան եւ խմբապետուհի Թամար Գատեհճեան դիմաւորեցին «Հալէպ» մասնաճիւղի տողանցողները։ 

Յաջորդաբար տողանցեցին «Հալէպ» Մասնաճիւղի ՝ 

- «Յովհաննէս Հինդիլեան» երէց-պարման միաւորը,

-«Շաւարշ Քրիսեան» Արի-արենոյշ միաւորը, 

-«Գրիգոր Յակոբեան» Գայլ-արծուիկ միաւորը,

-«Մոկլի» միաւորը, 

-Պասքեթի խումբերը,

-Ֆութպոլի խումբը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան: 

Մակար սրբազան ըսաւ, որ նոր սերունդի զաւակները այսօր իրենց ներկայութեամբ եկան վկայելու, որ հայու հոգին միշտ յաղթական է, կենսունակ է եւ երբե՛ք նահանջ չի ճանչնար, ինչ ալ ըլլան կեանքի պայմաններն ու մարտահրաւէրները։

«ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը "Բարձրացի'ր-Բարձրացո՛ւր"-ը աստուածաշնչական հիմք ունի։ Եթէ մարդ աստուածային ներգործող շունչը իր մէջ չունենայ, չի կրնար իր կեանքը զոհել ուրիշը բարձրացնելու համար։ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը ոչ միայն բարձրացի՛ր է, այլեւ՝ բարձրացո՛ւր։ Կը բարձրանաս եւ քոյրդ, եղբայրդ ու նմանդ կը բարձրացնես», ըսաւ սրբազան հայրը։ Ապա շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ականները եւ ժողովուրդը հրաւիրեց ծափողջոյններով քաջալերելու զիրենք։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։