image

Սաղաթէլեան նշեց, որ վարչապետի միասնական անուան քննարկումը օրակարգի նիւթ է

Սաղաթէլեան նշեց, որ վարչապետի միասնական անուան քննարկումը օրակարգի նիւթ է

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, 22 օգոստոսին, «Երկիր մետիա», «5-րդ ալիք» եւ «Հ2» հեռուստաընկերութիւններուն տուած հարցազրոյցին մէջ, անդրադառնալով բազմաթիւ հարցերու, ըսած է՝ «Դիմադրութիւն» շարժումը խախտած է երկիրը յանձնելու ժամանակացոյցը. այն աղէտը, որ այս օրերուն ունինք, նախատեսուած էր աւելի շուտ, ու աւելի մեծ ծաւալով, այս իմաստով, ըստ Սաղաթէլեանի, ակնյայտ է «Դիմադրութիւն» շարժման ձեռքբերումները:

Ան նաեւ շեշտած է, որ իրենք առայժմ չեն հասած գլխաւոր նպատակին՝ օրուայ իշխանութիւններու հեռացման, աղէտներու կանխման:

«Բայց վստահ եմ՝ մեր բացթողումները գնահատելով եւ ճիշդ եզրայանգումներ անելով, հնարաւոր է հասնել այս իշխանութիւնների հեռացմանը, կարեւորն այս պահին չյուսահատուելն ու չնահանջելն է։ Իսկ ինչ վերաբերում է այն քննադատութիւններին, թէ շոգին կամ ձմրանը պայքար չենք մղում, ապա նշեմ, որ նոյնիսկ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ժամանակ ձմրանը վրանները խփած էր, իսկ Նոր տարին էլ Հրապարակում էինք դիմաւորել»,- շեշտած է Սաղաթէլեան։

Այնուհետեւ ան առանձնացուցած է շարժման ամենամեծ եւ կարեւոր բացթողումները․

«Պէտք է արձանագրենք, որ մենք մեր երկրին սպառնացող վտանգները դեռ չենք կարողացել ամբողջութեամբ հասցնել մեր ազգաբնակչութեանը։ Այսինքն, Նիկոլի մէջտեղ բերած կեղծ, շինծու խաղաղութեան օրակարգը, որն իրականում նոր քաոսի, կապիտուլյացիայի, նոր պատերազմի օրակարգ է, մարդկանց մօտ աւելի գրաւիչ եղաւ, քան մեր ներկայացրած պայքարի օրակարգը։ Երկրորդը՝ մեր պայքարը յանուն Արցախի, դիտարկուեց որպէս պայքար յանուն իշխանութեան, պայքար յանուն նախկինների վերադարձի, ըստ էութեան դա մեր բացթողումն է եղել․․․ՀՀ իշխանութիւնները Ատրպէյճանի իշխանութիւնների հետ համագործակցաբար միջազգային հանրութեանը մեր շարժումը, մեր պայքարը ներկայացնում է իբրեւ ռեւանշիստների (վրէժխնսիրներու) պայքար եւ իմ վերջին եւրոպական այցելութիւնը դրա վառ ապացոյցն է, որ շատ սխալ միջազգային ընկալում կայ նաեւ մեր շարժման նկատամամբ։ Եւ ամենավերջինը՝ մենք չենք կարողեցել մեր շարժման մասնակիցներին, մեր պէս մտածողներին, համակիրներին դարձնել ամենօրեայ պայքարի մասնակից»։

Խօսելով այն մասին, թէ ինչ արդիւնքներ տուած է «Դիմադրութիւն» շարժումը, Սաղաթէլեանն ըսած է, որ ամենակարեւորը՝ ատոր վառ գնահատականը եւ ապացոյցը միջազգային արձագանգն է։ Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը երեք անգամ անդրադարձած է «Դիմադրութիւն» շարժման՝ տարբեր հարցազրոյցներով եւ յայտարարութիւններով, եւ՝ ՀՀ ընդդիմութեան գործունէութեան, հիմնական այն պարունակէն ներս, որ Հայաստանի մէջ կան ռեւանշիստական ուժեր, որոնք կը խանգարեն Նիկոլ Փաշինեանին՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն, այսինքն այս կեղծ օրակարգով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերը սպասարկելուն։

Հարցին, թէ պայքարի յաջորդ փուլին պիտի ներկայացուի՞ ընդդիմութեան վարչապետի միասնական թեկնածուի անունը, Իշխան Սաղաթէլեան յիշեցուցած է, որ եթէ ընդդիմութիւնը խորհրդարանի միջոցով երթայ իմպիչմընթի (պաշտօնանկութեան գործընթաց) ճանապարհով, ապա, օրէնքի պահանջի համաձայն, պէտք է ներկայացնեն վարչապետի թեկնածու։

 

«Թեկնածուն որոշուելու է ոչ թէ կուսակցական գրասենեակներում, այլ ժողովորդի մասնակցութեամբ։  Մենք այդ հարցից չենք խուսափում, բայց այս օրերին մէկը փրկիչ է ման գալիս, միւսը՝ առաջնորդ, էն միւսն էլ՝ ձիու վրայ նստած հերոս, որը կը գայ ու ստեղծուած իրավիճակից երկիրը դուրս կը բերի, բայց ես վստահեցնում եմ, որ փրկիչներ չկան, պայքարի պատրաստ մեր հայրենակիցները պէտք է գտնեն այն ուժերին, որոնք գնալու են մինչեւ վերջ, որոնք անձնազոհ պատրաստ են պայքարել յանուն հայրենիքի, համախմբումը պէտք է լինի հայրենիքի շուրջ։ Կա՞յ անհրաժեշտութիւն թեկնածու մէջտեղ բերելու, այո՛, այս խնդիրը մեր առջեւ դրուած է»,–ըսած է ան։

Անդրադառնալով շարժման բացթողումներուն, քննադատութիւններուն առ այն, թէ չունէին ծրագիր եւ վարչապետի թեկնածու, Սաղաթէլեան նշած է.

«Մենք մեր ծրագրերի մասին խօսել ենք շատ յստակ ու ոչ թէ մէկ անգամ այլ բազմաթիւ անգամներ։ Այս պայքարը մեր համար նախընտրական պայքար չի եղել․․․ մենք ասել ենք, որ երկիրը, պետականութիւնը վտանգի տակ է։ Այս իրավիճակում, երբ ունենք գոյաբանական խնդիրներ, այս պայքարը վերածել նախընտրական պայքարի, եւ հանդէս գալ նման դետալային (մանրամասնաբար) ծրագրերով կամ խօսել սոցիալական (ընկերային) հարցերի մասին, երբ առհասարակ պետականութեան գոյութիւնն է հարցականի տակ, մենք այդ սկզբունքով չենք առաջնորդուել։ Ծրագրային ելոյթներ ունեցել ենք բազմաթիւ անգամներ»։