image

Ռուսիոյ ԶԼՄ-ներուն մէջ ազդեցիկ անուն հանդիսացող հայուհի՝ Մարկարիթա Սիմոնեան յայտարարած է իր ծանր հիւանդ ըլլալուն մասին

Ռուսիոյ ԶԼՄ-ներուն մէջ ազդեցիկ անուն հանդիսացող հայուհի՝ Մարկարիթա Սիմոնեան յայտարարած է իր ծանր հիւանդ ըլլալուն մասին

«Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային մետիախումբի եւ RT հեռուստաալիքի գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանը պատմած է, որ իր մօտ ծանր հիւանդութիւն ախտորոշուած է եւ պիտի վիրահատուի:

Ան յայտարարութիւնն ըրած էէ «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովեովի հետ» հաղորդման եթերին, հաղորդումէն հատուած մը Սիմոնեանը հրապարակած է իր թելեկրամեան ալիքին։

«Այս շաբաթ իմ մօտ սարսափելի, ծանր հիւանդութիւն ախտորոշեցին։ Վաղը ես վիրահատութիւն ունիմ։ Ես համարեցի, որ պարտաւոր եմ այսօր եթեր գալ եւ ըսել ճշմարտութիւնը, քանի որ միշտ աւելի լաւ է մենք ըսենք ճշմարտութիւնը, քան թոյլ տանք, որ հանդիսատեսը սնուի ասեկոսեներով»,-ըսած է Սիմոնեանը։

Ան յիշած է, որ իր ամուսինը՝ բեմադրիչ եւ հեռուստահաղորդավար Տիգրան Քէօսայեանը, ինը ամիս մահաքունի մէջ է։