image

Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած է Տիգրան Ուրիխանեանը

Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած է  Տիգրան Ուրիխանեանը

Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած է նախկին պատգամաւոր, «Ալիանս» կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Ուրիխանեանը։

Այս մասին յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը: 

Ան նշած է, որ Տիգրան Ուրիխանեանի նկատմամբ հետախուզում յարուցուած է ՀՀ ՔՕ 422 յօդուածի յատկանիշներով`այն է՝ իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը։