image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ հետ գործարք կնքող որեւէ երկիր պիտի ենթարկուի շատ լուրջ պատժամիջոցներու. Թրամփ

Ռուսիոյ հետ գործարք կնքող որեւէ երկիր պիտի ենթարկուի շատ լուրջ պատժամիջոցներու. Թրամփ

Միցեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն աջակցած է Ռուսիոյ հետ համագործակցող բոլոր երկիրներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու օրինագիծին, հաղորդած է Business Standard-ը:

Փաստաթուղթն այժմ կը քննարկուի Քոնկրեսէն ներս:

«Ինչպէս գիտէք, ես սա առաջարկեր եմ, որ Ռուսիոյ հետ գործարք կնքող որեւէ երկիր ենթարկուի շատ խիստ պատժամիջոցներու», -ըսած է Թրամփը լրագրողներուն։

Միցեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ Իրանի տնտեսական գործընկերները կրնան ենթարկուիլ նմանատիպ պատժամիջոցներու: Ան պարզաբանած է, որ Քոնկրեսը կրնայ օրինագիծի քննարկման ընթացքին արգելք աւելցնել Թեհրանի հետ համագործակցութեան վրայ:

Երկկուսակցական օրինագիծը, որ հեղինակած են հանրապետական ​​Լինտսի Կրեհըմը եւ դեմոկրատ Ռիչարտ Պլումենթալը, ներկայացուած է 2025 թուականի գարնան։ Այն կը նախատեսէ 500% մաքսատուրք սահմանել ռուսական նաւթ, նաւթամթերք, բնական կազ կամ ուրան գնող երկիրներէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ։ Այն նաեւ կը նախատեսէ պատժամիջոցներ կիրառել Ռուսիայէն ուրան գնող որեւէ երկրի նկատմամբ։ Օրինագիծը պաշտպանած են 100 ծերակուտականներէն աւելի քան 80-ը։