image

Ռուսիոյ եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկած են «3+3» ձևաչափով համատեղ աշխատանքներու վերսկսման օգտին

Ռուսիոյ եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկած են «3+3» ձևաչափով համատեղ աշխատանքներու վերսկսման օգտին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը հոկտեմբեր 10-ին իրանցի պաշտօնակից Հոսէյն Ամիր Ապտոլկահիանի հետ հեռախօսով քննարկած է Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի վատթարացումը եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները:

Նախարարները հանդէս եկած են Հարաւային Կովկասի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի շրջածիրէն ներս համատեղ աշխատանքի վերականգնման օգտին:

Անդրադարձ եղած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու երկկողմ համագործակցութեան։

Զրոյցը տեղի ունեցած է իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ։