Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը հոկտեմբեր 10-ին իրանցի պաշտօնակից Հոսէյն Ամիր Ապտոլկահիանի հետ հեռախօսով քննարկած է Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի վատթարացումը եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները:
Նախարարները հանդէս եկած են Հարաւային Կովկասի «3+3» տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակի շրջածիրէն ներս համատեղ աշխատանքի վերականգնման օգտին:
Անդրադարձ եղած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու երկկողմ համագործակցութեան։
Զրոյցը տեղի ունեցած է իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ։