image

Ռուսիան կ՚ուզէր ամէն ինչ ընել, որ Սուրիան մնայ ինքնիշխան, անկախ պետութիւն. Փութին

Ռուսիան կ՚ուզէր ամէն ինչ ընել, որ Սուրիան մնայ ինքնիշխան, անկախ պետութիւն. Փութին

Ռուսիա մտադիր է աջակցիլ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան պահպանման եւ պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու երկրի բնակչութեան, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Այս մասին յայտնած է «Interfax-russia»-ն:

«Մենք կ՚ուզէինք ընել ամէն ինչ, որ Սուրիան, առաջին հերթին, մնայ ինքնիշխան, անկախ եւ տարածքային ամբողջականութեամբ պետութիւն: Կ՚ուզէինք Ձեզի հետ քննարկել Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը, ներառեալ մարդասիրական օգնութիւնը», -ըսած է ան Քաթարի էմիր Թամիմ երկրորդի հետ բանակցութիւններու ժամանակ։

«Այնտեղ շատ խնդիրներ կան՝ քաղաքական, անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէ, եւ զուտ տնտեսական բնոյթի»,- աւելցուցած է Փութինը։