image

Ռուսիան եւ Ուքրանիան ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ համաձայնած են Սեւ ծովուն մէջ ուժանիւթի կառոյցներու վրայ հարուածներու դադրեցման

Ռուսիան եւ Ուքրանիան ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ համաձայնած են Սեւ ծովուն մէջ ուժանիւթի կառոյցներու վրայ հարուածներու դադրեցման

Միացեալ Նահանգներ Ռիատի մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու հետ բանակցութիւններէն ետք մարտ 25-ին առանձին համաձայնութիւններ ձեռք բերած է երկու երկիրներու հետ՝ Սեւ ծովուն մէջ եւ ուժանիւթի կառոյցներու վրայ յարձակումներու դադրեցնելու մասին։ Ընդ որում, Ուաշինկթըն համաձայնած է նպաստել, որ Մոսկուայի դէմ որոշ պատժամիջոցներ չեղարկուին։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։

Ըստ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ ԱՄՆ-ն պիտի փորձէ հասնիլ ռուսական գիւղատնտեսական արտադրանքի եւ պարարտանիւթերու արտահանման նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու չեղարկման։ Քրեմլը, սակայն, յայտարարած է, որ Սեւծովեան համաձայնութիւններն ուժի մէջ պիտի չմտնեն, եթէ չվերականգնուին ռուսական քանի մը դրամատուներու եւ միջազգային ֆինանսական համակարգի միջեւ կապերը։

Իր հերթին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Քրեմլի յայտարարութիւնն անուանած է համաձայնագրերը «շահարկելու» փորձ՝ ըսելով, որ իր ընկալմամբ՝ հրադադարի համաձայնագիրը պէտք է ուժի մէջ մտնէր անմիջապէս, եւ ատոր համար չէր պահանջուեր պատժամիջոցներու չեղարկում։

«Անոնք արդէն կը փորձեն խափանել համաձայնութիւնները, եւ, փաստօրէն, խաբել թէ՛ մեր միջնորդները, թէ՛ ամբողջ աշխարհը», - ըսած է Զելենսքին։

Ե՛ւ Մոսկուան, ե՛ւ Քիեւը յայտարարած են, որ կ՚ապաւինեն Ուաշինկթընին համաձայնութիւններու իրագործման հարցով, սակայն երկուքն ալ կասկած յայտնած են առ այն, որ միւս կողմը պիտի հետեւի պայմանաւորուածութիւններուն։