Մոսկուան պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ շփումներու՝ հանրապետական Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան օրօք, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Տումայի պատգամաւոր եւ լրագրող Մարինա Քիմին «Նոր աշխարհ» նախագիծի համար տուած հարցազրոյցին։
«Փութինը «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ միշտ պատրաստ է շփուելու: Մենք չէինք, որ ընդհատեցինք շփումը, գնդակը միւս (ամերիկեան) կողմի մօտ է», - ըսած է ան:
Նոյեմբեր 11-ին Ռուսիոյ ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, մեկնաբանելով The Washington Post-ի հրապարակումը, ըսած է, որ Փութինը դեռ հեռախօսազրոյց չէ ունեցած Թրամփի հետ։ Նոյեմբեր 7-ին Ռուսիոյ նախագահը, ելոյթ ունենալով «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի կազմին մէջ, շնորհաւորած է Թրամփը ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակի կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ յայտարարած է, որ դէմ չէ Միացեալ Նահանգներու ընտրուած նախագահի հետ շփումներուն։ Մինչ այս նախագահի մամուլի քարտուղարը չէր բացառած, որ Փութինը կրնայ զրոյց ունենալ Թրամփի հետ։