image

Ռուսիա հրթիռային հարուած հասցուցած է Օտեսայի նաւահանգիստին. Կան զոհեր

Ռուսիա հրթիռային հարուած հասցուցած է Օտեսայի նաւահանգիստին. Կան զոհեր

Մարտ 11-ի երեկոյեան Օտեսա քաղաքի նաւահանգիստի վրայ ռուսական հրթիռային յարձակման հետեւանքով զոհուած է Սուրիոյ չորս քաղաքացի, յայտնած են քաղաքային իշխանութիւնները:

Այս մասին գրած է korrespondent.net-ը:

«Երէկ երեկոյեան Ռուսիան յարձակած է Օտեսայի նաւահանգիստի վրայ։ Պարպատոսի դրօշի ներքոյ նաւարկող MJ PINA նաւը խոցուած է պալիսթիք հրթիռէ։ Ցաւօք, զոհուած է 4 մարդ՝ Սուրիոյ քաղաքացիներ։ Ամենաերիտասարդ զոհը եղած է 18, ամենամեծը՝ 24 տարեկան»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Եւս երկու մարդ՝ ուքրանացի եւ սուրիացի, վիրաւորուած են։

Հարուածի պահուն նաւը ցորեն կը բեռնէր՝ Ալժիր արտահանելու համար, սա քաղաքացիական նաւ էր։ Հարուածի հետեւանքով վնասուած են եւս մէկ նաւ, նաւամատոյցներ, հացահատիկի պահեստարաններ։