Ռուսաստանի իշխանութիւնները սկսած են արգելափակել լրատուական ծառայութիւններու կայքէջերը:
Սահմանափակուած է BBC ռատիոկայանի ռուսական ծառայութեան կայքի, «Տոյչէ Վելլէ», ինչպէս նաեւ «Մետուզա» կայքերու մատչելիութիւնը:
Ըստ ռուսական իշխանութեան, այդ լրատուական աղբիւրներուն հաղորդագրութիւնները կը պարունակեն զանգուածային անկարգութիւններուն, ապօրինի հանրային արարքներուն եւ ծայրայեղական այլ միջոցառումներուն մասնակցելու ուղերձներ:
Ռուսաստանի մէջ սահմանափակումներ եւ խոչընդոտներ կը նկատուին նաեւ Ֆէյսպուք եւ Թուիթըր ընկերային ցանցերու աշխատանքին մէջ:
Ռուսաստանի իշխանութիւնները կտրականապէս կ'արգիլեն Ուքրանիոյ վրայ Ռուսաստանի յարձակումը մամուլի մէջ որակած որպէս «պատերազմ» եւ կը պնդեն, որ անհրաժեշտ է կիրառել «յատուկ գործողութիւն» եզրոյթը: