ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը խափանած է ուքրանական յատուկ ծառայութիւններու գործունէութիւնը Ռուսաստանի երեք մարզի տարածքներուն մէջ:
Անվտանգութեան մարմիններու աշխատակիցները ձերբակալած են Ուրանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան Գլխաւոր հետախուզական վարչութեան գործակալը, որ ահաբեկչութիւն կը նախապատրաստէր:
Բացի այդ, ձերբակալուած են նաեւ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան երկու աշխատակից, որոնք տեղեկութիւններ կը հաւաքէին ռազմավարական կառոյցներու մասին:
Առաջին կալանաւորը արդէն խոստովանական ցուցմունք տուած է: Ահաբեկչութիւնը ան կը պատրաստուէր իրականացնելու՝ երկու ինքնաշէն պայթուցիկ սարքի գործարկմամբ: