image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարները քննարկած են Ղարաբաղի իրադրութիւնը

Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարները քննարկած են Ղարաբաղի իրադրութիւնը

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու արդիական հարցեր, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգեր։

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան փոխանցմամբ՝ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ՝ հաշուի առնելով ԼՂ հակամարտութեան գօտիի կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան ընդունման մօտալուտ տարելիցը:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թուլացման, Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու հարցերով տեղի ունեցած է «սլաքներու ճշգրտում»: Լաւրով ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հարցերու ամբողջ շրջանակի քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման ուղղուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը։

Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրած են ռուս-ատրպէյճանական բազմաբնոյթ ռազմավարական գործընկերութեան շարունակական զարգացումը»,  ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ նախարարները քննարկած են նաեւ «տարածաշրջանին մէջ ճանապարհի եւ կապի վերականգնման աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը։ Տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ միտքեր փոխանակելով՝ նախարարները կարեւորած են նաեւ «3 + 3» ձեւաչափով համագործակցութեան հարթակի զարգացումը»։