image

Ռուսաստանեան թռիչքները առանց սահմանափակումներու

Ռուսաստանեան թռիչքները  առանց սահմանափակումներու

Ռուսաստանը չեղարկած է օդային հաղորդակցութեան սահմանափակումները եւս ութ երկրի, այդ շարքին` Հայաստանի նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդուի Օդային փոխադրութեան դաշնային գործակալութեան պաշտօնական կայքին մէջ:

«2022 թուականի Մարտ 9-ին, Ռուսաստանի Դաշնութեան կառավարութեան որոշման համաձայն, անկանոն եւ կանոնաւոր թռիչքներու սահմանափակումները դէպի Ատրպէյճան, Հայաստան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Տաճիկստան, Թուրքմէնստան, Ուզպեկստան եւ Իրան, որոնք նախապէս մտցուած էին որպէս COVID-19-ի տարածումը կանխարգելելու միջոց, վերացուած են», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ թռիչքները պիտի իրականացուին փոխադարձ հիմունքներով` օդային երթեւեկութեան մասին երկկողմ միջկառավարական համաձայնագրերու եւ ոդագնացութեան իշխանութիւններու առանձին համաձայնագրերու դրոյթներու հիման վրայ: