Ուքրանացի ձեռնարկատէր Ռինատ Ահմետովի ԴՏԷԿ ընկերութիւնը կը վաճառէ իր ածուխի ձեռնարկութիւնները՝ «Տոնսքոյ Անթրասիթ» ԲԸ-ն, «Սուլինանթրասիթ» ՍՊԸ-ն եւ «Օպուխովսկայա հանքերու կառավարում» ԲԲԸ-ն, որոնք կը գտնուին Ռոսթովի մարզին մէջ: Այս մասին յայտնած է «Քոմերսանթ»-ը:
Ըստ թերթի՝ հանքավայրերու գնորդ կրնայ դառնալ կիպրական Valleyton Investments Limited ընկերութիւնը: ՌԴ Դաշնային հակամենաշնորհային ծառայութիւնն արդէն հաստատած է իրաւունքներ ստանալու անոր դիմումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ որոշել ԴՏԷԿ-ին պատկանող ընկերութիւններու գործունէութեան պայմանները:
«Կիպրոսի պետական գրանցամատեանին մէջ նշուած է, որ Valleyton-ի սեփականատէրը Հայաստանի քաղաքացի Ելենա Յովհաննիսեանն է, այս անունը լայն ճանաչում չունի ածուխի շուկային մէջ», - գրած է թերթը: