image

«Լոյս մետիա»ի սեփականատէր Արամ Գուրանին՝ մրցանակ 

«Լոյս մետիա»ի սեփականատէր Արամ Գուրանին՝ մրցանակ 

Թուրքիոյ ազգային ողիմպիական յանձնախումբի տարեկան մրցանակաբաշխութեան, «Լոյս մետիա»ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արամ Գուրան արժանացած է 2023ի «արդար խաղի մրցանակներ»ու ասպարէզային մասնաճիւղի պատուոյ վկայականին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Թուրքիոյ ազգային ողիմպիական յանձնախումբը տարեկան մրցանակաբաշխութիւն մը կը կազմակերպէ «արդար խաղ»ի գիտակցութիւնը բովանդակ երկրի մէջ տարածելու, օրինակելի անձերն ու կազմակերպութիւնները քաջալերելու եւ արժանիները պարգեւատրելու համար։ 

Երէկ, 4 Հոկտեմբերի կէսօրուայ ժամերուն, Իսթանպուլի ողիմպիական աւանին մէջ սարքուեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը եւ յայտարարուեցան 2023ի դափնեկիրները։

Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ դափնեկիրներու միջեւ կը գտնուէր «Լոյս մետիա»ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արամ Գուրան։ Ան արժանի նկատուած է 2023ի «արդար խաղի մրցանակներ»ու ասպարէզային մասնաճիւղի պատուոյ վկայականին։

Ազգային ողիմպիական յանձնախումբի «արդար խաղ»ի յանձնաժողովի նախագահ Էրտողան Արըփընար յայտարարելով մրցանակակիրներու անունները, ընդգծեց «արդար խաղ»ի կարեւորութիւնը, դիտել տուաւ որ պարգեւի արժանի նկատուած են անոնք, որոնք օրինակելի վարքագիծ կը դրսեւորեն երկրի մէջ արդար խաղի իրազեկումը տարածելու եւ երիտասարդ սերունդները խրախուսելու ուղղութեամբ։

2023ի պարգեւատրեալներն են

- Իրազեկման անուանակարգի մէջ՝ Տէմիրէօրէն լրատու գործակալութեան մարզական ծառայութիւնը, Անատոլու գործակալութեան աշխատակից Էրքան Թիրեաքի, ասպարէզի անուանակարգի մէջ՝ գլխաւոր մրցանակի դափնեկիր, մարզական մեկնաբան Օրհան Այհան, ասպարէզի անուանակարգի պատուաւոր վկայականի դափնեկիր Արամ Գուրան։ 

Մրցանակները աւելի ուշ դափնեկիրներուն պիտի յանձնուին հանդիսաւոր արարողութեամբ մը։

Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի բարեկամ Արամ Գուրանն ու «Լոյս Մետիա»ի ընտանիքը։