image

Ռուսաստան-ԱՄՆ պիտի բանակցին

Ռուսաստան-ԱՄՆ պիտի բանակցին
Ռուսաստան եւ ԱՄՆ 28 Յուլիսին խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած է ամերիկեան The Hill թերթը՝ վկայակոչելով Պետական բաժանմունքի անանուն աղբիւրը, գրած է Gazeta.ru-ն:
 
Պարբերականի յօդուածը կը կեդրոնանայ հանրապետական սենատոր Թետ Քրուզի՝ ամերիկեան վարչակազմի առանցքային պաշտօններու թեկնածուներու հաստատումը յետաձգելու փորձերու վրայ:
 
Այսպիսով, ըստ հրատարակութեան, դեմոկրատները կը քննադատեն Քրուզը, որովհետեւ վերջինս կ'արգելափակէ ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան գծով տեղակալի պաշտօնին Պոննի Ճենքինսի հաստատումը:
 
«Ճենքինսը պիտի ըլլայ ԱՄՆ-ի կողմէ հանդէս եկող աւագ պաշտօնեան, որ պիտի մասնակցի այս բանակցութիւններուն, եւ շատ կարեւոր է, որ մենք ունենանք Սենատի կողմէ հաստատուած առաջնորդ <...> հաշուի առնելով նման հսկայական պատասխանատուութիւնը Ռուսաստանի հետ այս պատմական բանակցութիւններու առջեւ», - հրատարակութեանն ըսած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի ներկայացուցիչը:
 
Աւելի վաղ Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Ճօ Պայտընը Ժընեւի գագաթնաժողովէն ետք համատեղ յայտարարութիւն ընդունած էին, որուն մէջ ըսուած էր, որ մօտ ապագային երկու երկիրներն ալ պիտի սկսին ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ համապարփակ, առարկայական եւ աշխոյժ երկխօսութիւն: