image

Ռուսական նոր մարտավարութիւն

Ռուսական նոր մարտավարութիւն
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները ծրագրային մարտական պատրաստութեան շրջածիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ստեփանակերտի ուսումնական զօրավարժարանին մէջ, մշակած են ականանետի ժամանակակից մարտ վարելու նոր մարտավարութիւն, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն:
 
Հրետանիի անձնակազմը համազարկեր արձակած է լեռներուն մէջ բնական խոչընդոտներու ետին տեղակայուած չդիտարկուող թիրախներու վրայ: 
 
Լեռնային տեղանքին մէջ գտնուող ականանետերը կարճ ժամանակահատուածի մէջ 500-է 2000 մեթր հեռաւորութեան վրայ խոցած են մօտ 50 թիրախ, որոնք նմականած են զրահատեխնիկայի, կենդանի ուժի եւ հակառակորդի դիրքերու: 
 
«Այսօր, յատուկ ուսուցման շրջանածիրէն ներս, մենք գործնականօրէն կիրառեցինք ականանետերու շարժական խումբերու գործողութիւնները: Հաշուարկներու առաջադրանքները կը ներառէին ժամանակաւոր դիրքի անցնելու, թիրախները ճնշելու եւ հնարաւորինս շուտ դիրքը լքելու հրամանի իրականացում: Ստացած խնդիրն աւարտելու համար պահանջուող ժամանակը կրճատելու համար սարքաւորումներու վրայ տեղադրուած են 82 մմ տրամաչափի ականանետեր, որ կը նուազեցնէ կրակային դիրքը գրաւելու համար պահանջուող ժամանակը: Անձնակազմը կատարեց առաջադրանքը, օրուայ գնահատականները լաւ եւ գերազանց էին»,-ըսած է ծրագրային դասի ղեկավար Անտրէյ Մոխովը: