image

Ռուսական նաւատորմը ռազմավարժութիւններ կ՚ընէ Պալթեան ծովուն մէջ

Ռուսական  նաւատորմը  ռազմավարժութիւններ կ՚ընէ Պալթեան ծովուն  մէջ

Պալթեան նաւատորմի աւելի քան տասը նաւ դուրս եկած է ծով` մարտական կրակով մարտավարական զօրավարժութիւններուն մասնակցելու համար, կը յայտնէ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը: Բացի այդ զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին ռազմածովային օդագնացութիւնը եւ հազարէ աւելի զինուորականներ:

Զօրավարժութիւններու ընթացքին անձնակազմերը պիտի մշակեն «թշնամիի» նաւերուն դէմ ձեւական հրթիռային հարուածներու հասցնում, հրետանային կրակակերթ պիտի կատարեն նաւատորմի ռազմածովային տիրոյթներու եւ տարբեր բարդութեան օդային եւ ծովային թիրախներու ուղղութեամբ:

Ապրիլ 15-ին հաղորդուած էր, որ ՆԱԹՕ-ի խումբ մը նաւեր մտած են Պալթեան ծով: ՆԱԹՕ-ի խնդիրն էր «տարածաշրջանին մէջ դաշնակիցներու ներկայութիւնը ցոյց տալ եւ Էսթոնիոյ ռազմածովային ուժերուն հետ համատեղ վարժանքներ կատարել»: