Ուքրանիոյ մէջ հերոսական առաքելութիւն առաջ տանող սպաները հանրութեան ներկայացնելու ծիրէն ներս, օրերս Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատմած է բանակի հայազգի սպայ փոխգնդապետ՝ Անդրանիկ Գասպարեանի սխրանքներուն մասին:
Առափնեայ պաշտպանութեան առանձին զօրաբաժնի հրամանատար, փոխգնդապետ՝ Անդրանիկ Գասպարեան իրեն վստահուած ստորաբաժանումին հետ կարողացած է Խերսոնի շրջանին մէջ գրաւել գետին վրայէն անցնող կամուրջը։ Գասպարեանի զօրաբաժինը երեք օր շրջապատուած ըլլալով գերազանցող ուժերու կողմէ եւ ենթարկուելով օդուժի հարուածներուն ու հրետակոծութիւններուն՝ թոյլ չէ տուած, որ հակառակորդը ճեղքէ գիծը։ Ետ մղուած է ինը գրոհ, ոչնչացուած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու 23 զրահամեքենայ։