Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 12-ին Մարտակերտ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է շրջանի վարչակազմի պատասխանատուներու, համայնքներու ղեկավարներու եւ բնակչութեան աշխոյժ ներկայացուցիչներուն հետ:
Քննարկուած են աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումները եւ այդ ծիրին մէջ Արցախի մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակը, անվտանգային եւ ընկերա-տնտեսական խնդիրները:
Իր խօսքին մէջ երկրի ղեկավարը անդրադարձած է վերջերս Ասկերանի շրջանի Փառուխ համայնքի եւ Քարագլուխ բարձունքի հատուածին մէջ հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն` նշելով, որ ատրպէյճանական կողմի ետքաշման համար Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Միեւնոյն ժամանակ, Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտած է, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ յարաբերական եւ փխրուն խաղաղութեան ապահովումը հնարաւոր է ռուսական խաղաղապահ ուժերու շնորհիւ, եւ Արցախի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն համոզմամբ անոնց ներկայութիւնը պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած ու անժամկէտ` զինուորներու եւ զինուորական սարքերու համապատասխանաբար աւելացմամբ:
Նախագահը վերահաստատած է Արցախի իշխանութիւններուն հաւատարմութիւնը Արցախի Հանրապետութեան` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ անկախութեան եւ պետականաշինութեան համար պայքարին եւ ընդգծած, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի երաշխիքներուն եւ գործունէութեան զուգահեռ` Կառավարութիւնը շարունակաբար պիտի աշխատի անվտանգութեան ապահովման սեփական մեխանիզմներու եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան բարելաւման ուղղութեամբ:
Երկրին ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ ուժանիւթային եւ պարէնային անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն եւ նշած, որ արդէն աշխատանքներ կը կատտարուին արեւային ուժանիւթի զարգացումը, փոքր ՀԵԿ-երու, անտառային ու բնական այլ միջոցներու եւ հողատարածքներու գիտակից օգտագործումը ապահովելու ուղղութեամբ: Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` նախանշուած ծրագրին համաձայն` պիտի իրականացուին ենթաշրջանային եւ ներհամայնքային ճանապարհներու բարեկարգման աշխատանքները:
Հանդիպումէն յետոյ նախագահ Յարութիւնեանը Մարտակերտի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Մարտակերտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, ուր մասնակցած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի եկեղեցիներուն մէջ հնչող միասնական աղօթքին: