image

Ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները մեծ զարգացում պիտի ապրին. Իրանցի դիւանագէտ

Ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները մեծ զարգացում պիտի ապրին. Իրանցի դիւանագէտ

Իրանը կը ձգտի, որ իրանցի գործարարները ծանօթանան Ռուսիոյ նոր տնտեսական մթնոլորտին. առաջիկայ 2-3 տարուան մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լուրջ առաջընթաց պիտի ապրին։

Ռիա Նովոսթիի հաղորդմամբ`Nour News գործակալութեան տուած հարցազրոյցին այսպիսի կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ մօտ Իրանի դեսպան Քազէմ Ճալալի։

«Հաշուի առնելով ձեռնարկուած քայլերը` կը կանխատեսեմ, որ առաջիկայ 2-3 տարուայ մէջ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ մեծ թռիչք տեղի պիտի ունենայ։

Անոր համար պայմաններ կը ստեղծուին, խոչընդոտներն ալ կը կրճատուին», - Ճալալիի խօսքերէն մեջբերած է գործակալութիւնը։

Դեսպանն «աննախադէպ» անուանած է վերջին երկու տարուան ընթացքին երկու երկիրներու միջեւ գործարարներու եւ տնտեսագէտներու պատուիրակութիւններու այցելութիւններու քանակը։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ ստեղծուած նոր պայմանները նոր պահանջներ կ'առաջացնեն, մասնաւորապէս, ըստ անոնց, անհրաժեշտ է աւելի աշխոյժ գործել։