image

Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները մահամերձ են. Ռուսիա կը դժգոհի

Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները մահամերձ են. Ռուսիա կը դժգոհի

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւսիսային Ամերիկայի բաժանմունքի տնօրէն Ալեքսանտր Տարչիեւը ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները «մահամերձ վիճակի մէջ են»։

Մեկնաբանելով Քոնկրէսի Ծառակոյտի կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի պաշտօնի հաստատումը՝ ռուս դիւանագէտը կարեւորած է նոր դեսպանի կողմնորոշումն առ այն, որ «ոչ թէ պէտք է վատթարացնել յարաբերութիւնները, որոնք արդէն կը գտնուին մահամերձ վիճակի մէջ, այլ պահպանել զանոնք գոնէ ներկայիս մակարդակով»։

«Լաւ կ'ըլլայ, եթէ Թրէյսին փորձէ այդ յարաբերութիւնները աւելի լաւ դարձնել», - նշած է Տարչիեւ։

Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ Մոսկուային կը մնայ յուսալ, որ Ուաշինկթընը երկու երկիրները ուղղակի բախման չի տանիր, հակառակ պարագային դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը կրնայ իրականութիւն դառնալ՝ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով, ըսած է ԱԳՆ խօսնակը։

Դեկտեմբեր 21-ին ԱՄՆ Ծեռակոյտը հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից Լին Թրէյսին Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ երկրի դեսպանի պաշտօնին։