image

Ռուպիո-Պարո քննարկում

Ռուպիո-Պարո քննարկում

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նուէլ Պարոն յուլիս 4-ին հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ապահովման հարցը։

Այս մասին յայտնած են ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեէն։

Երկու երկիրներու գլխաւոր դիւանագէտները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ ապահովելու, որ Իրանը երբեք չմշակէ կամ ձեռք բերէ միջուկային զէնք: Անոնք նաեւ քննարկած են Կազայի մէջ մարդասիրական իրավիճակը եւ հրադադարի հասնելու ջանքերը, Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմի աւարտը, ինչպէս նաեւ Սուտանի մէջ շարունակուող հակամարտութիւնը: