ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Ուաշինկթընի մէջ քննարկած են խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։
ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ թարգմանաբար ստորեւ։
«Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն հանդիպած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Հաքան Ֆիտանին՝ քննարկելու անվտանգութեան եւ առեւտուրին առնչուող առանցքային հարցեր։ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը հայցած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը՝ Ուքրանիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու գործոին։
Ան գնահատած է Թուրքիոյ առաջնորդութիւնը «Իսլամական պետութեան» դէմ համաշխարհային դաշինքին մէջ եւ վերահաստատած է սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յանուն կայուն, միաւորուած եւ խաղաղ Սուրիոյ, որ ո՛չ միջազգային ահաբեկչութեան յենակէտ է, ո՛չ ալ՝ իրանեան ապակայունացնող գործողութիւններու հարթակ»։
Մարտ 25-ին Հաքան Ֆիտանը երկօրեայ այցով մեկնած է Ուաշինկթըն։ Ըստ Reuters-ի աղբիւրներու՝ Ռուպիոյի այցի օրակարգային գլխաւոր հարցը Թուրքիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերացումն է՝ F-16 կործանիչներու վաճառքը վերսկսելու նպատակով։